2016-03-24 10:17:00

ՄԱԿին մօտ Ս. Աթոռի ներկայացուցիչը կ`ամբաստանէ պատանիներու զօրահաւաքը։


(Ռատիօ Վատիկան) ՝՝ՄԱԿ-ը պէտք է դիմագրաւէ ահաբեկիչ մարմիններու մանուկներու ու պատանիներու զօրահաւաքի ծանր հարցը, լուրջ ներդրումներ կատարելով,  դաստիարակութեան գետնի վրայ եւ անոնց պատշաճ աշխատանքի երաշխաւորումով՝՝ ըսաւ գերապայծառ Bernardito Auza ՄԱԿ-ին մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտը, խօսք առնելով Ափրիկէի մեծ լիճերու շրջանի ընդհարումներու հայող անվտանգութեան խորհուրդի ժողովին ընթացքին։

Վատիկանի դիւանագէտը պահանջեց որ այդ շրջանի բնական հարստութիւնները չի շահագործուին լոկ առանձնաշնորհեալ խմբակներու կողմէ, այլ տրամադրելի ըլլան բոլոր հաւաքականութեան։ Ան նոյնպէս ան մաղթեց որ հանրային իշխանութիւնները ապահովեն պարկեշտ վարչութիւն մը որպէսզի այդ շրջանի պետութիւնները դառնան հանրավար։








All the contents on this site are copyrighted ©.